ՀԱՅ –ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ՀԱՐԱԲԵՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԻ , ԱՍՏԾՈՒՑ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ Ա. ԱԹԵՇՅԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՄԱՄԲ

-Անցեալ տարին, ինչպէս նախորդը, ցաւօք սրտի, բնորոշուեցաւ համավարակով։ Ամբողջ աշխարհի վրայ կեանքը կաթուածահար դարձած է։ Պարագան տարբեր չէ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս շրջանին դժուար թէ իրատես ըլլայ ձեռքբերումներ ակնկալելը։ Մեր համայնքը ունեցաւ իրերայ աջորդ կորուստներ, նոյնիսկ վարակուելէ վերջ բուժուածներու պարագային ցնցումը այնքան մեծ կ՚ըլլայ, որ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն կըգործէ թէ՛ բարոյահոգեբանական եւ թէ նիւթական տեսակէտ է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութիւնն ալ նուազագոյն մակարդակի վրայ է շուրջ երկու տարիէ ի վեր։ Այս համայնապատկերին վրայ, կը կրկնեմ՝ դժուար թէ կարելի ըլլայ խօսիլ ձեռքբերումի մը մասին։ Բոլոր շարժումները, առհասարակ, կըվերաբերին ընկերային աջակցութեան եւ զօրակցութեան տրամադրութիւններու խրախուսման։ Սա անշուշտ մէկ կողմ է գնահատելի է, իսկ միւս կողմ է ալ, իր բնոյթով, այնպիսի գործ մըն է, որ արդիւնքը երբեք հարիւր տոկոս գոհացուցիչ չ՚ըլլար։ Ծով կարիք ներկան, անակնկալ վիճակներ կը յառաջանան։ Հետեւաբար, բոլորս նախեւ առաջ Աստուծոյ ապաւինութեամբ կ՚ընթանանք։Այս բոլոր էն վերջ, 2022 թուականի պարագային մեր հիմնական սպասելիքները կը վերաբերին խաղաղութեան եւ առողջութեան։Կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալն Աստուած մարդկութիւնը եւ մեր ժողովուրդը չզրկէ այդ շնորհներէն։

-Սրբազան, Հայ-թուրքականհարաբերությունների կարգավորման ֆոնինին ինչպես ե՞ք տեսնում հայ և թուրք ժողովուրդների բարեկամության սկիզբը։

-Հայ եւ թուրք ժողովուրդները այս աշխարհագրութեան մէջ ունին երկար համակեցութիւն։ Դարերէ ի վեր անոնք կ՚ապրին կողք կողքի։Եղած են շրջաններ, երբ անոնց միասնականութիւնը համակեցութեան տեսակէտէ օրինակելի եղած է, եղած են նաեւ շրջաններ, երբ պատկերը ճիշդ հակառակը պարզած է։ Ժողովուրդներու տրամադրութիւնը, անշուշտ, միշտ դրական է։ Բայց, պատմութեան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժողովուրդներու դրական ու բարեացակամ տրամադրութիւնը բաւարար չէ աշխարհը կամ անոնց ապրած միջավայրը վարդաստանի վերածելու։ Պետական գործօնը միշտ առանցքային է եւ կը պայմանաւորէ ժողովուրդներու ընթացքը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման որոնումներն ալ 30 տարուան խորք մը ունին։ Բոլոր անոնք, որոնք բարի ցանկութիւններով, եղբայրութեան  ձգտումով կ՚առաջնորդուին, միշտ ակնկալած են՝ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ցաւօք սրտի, պետական հարթութեան վրայ այդ պահու հասունացումը միշտ յապաղած է։ Այժմու նոր փորձն ալ, անշուշտ, դրական ու ողջունելի է՝ որքան որ ալ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ծանր իրավիճակէն վերջ սկիզբ առած ըլլայ։ Մեր մաղթանքն է, որ այս անգամ այլեւս բաւարար քաղաքական կամքը ցուցաբերուիեւ բեկումնային պահը գայ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ։

– Հոգևորականության առումով փոխադարձ ի՞նչ անելիքներ եք տեսնում հայ-թուրքական բարեկամության առումով:

-Քրիստոսի եկեղեցւոյ առանցքային պատգամը եղած է սէրն ուխաղաղութիւնը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դարերէ իվեր այդ ուղղութեան հետեւած է անշեղօրէն։ Ան հայոց համազգային ժառանգութեան, ինքնուրոյն դիմագիծը բնորոշած ազգային արժէքներու շտեմարանն է։ Հայ Եկեղեցին իր աշխարհացրիւ հօտիերթն ու զարգացումը միշտ խաղաղութեան մէջ պատկերացուցած է ժամանակներու  ընթացքին։ Այսօր ալ այդպէս է։ Հայ հոգեւորականը միշտ եղած է խաղաղութեան պատգամի կրողը։ Հայ Եկեղեցին այսօրյետ պատերազմեան իրավիճակին մէջ հետամուտ է հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման։ Մեր եկեղեցականները կը գիտակցին, որ այդ նպատակին կարելի է հասնիլ փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի, լարուածութենէ  զերծ մթնոլորտի մէջ։

-Սրբազան, ինչո՞վ եք պայմանավորվում այն փաստը, որ հասարակության մեծ մասը կարծես հեռացել է Աստծուց։

-Համաշխարհայնացումը ունի հակասութիւններ։ Մէկ կողմէ համահարթեցման մտածելակերպ մը կը խորանայ, իսկ միւս կողմէ տեղայնացումը զարգացնելու փորձեր կ՚ըլլան։ Հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները առիթ կ՚ընձեռեն, որ տարբեր հաւաքականութիւններ  աւելի անմիջականօրէն  հաղորդ դառնան իրարու արժեհամակարգին եւ կենցաղին։ Սա փոխադարձ ճանաչման տեսակէտէ  շատ ողջունելի է, սակայն, ինքնուրոյն դիմագիծը, նկարագիրը  պահպանելու մարտահրաւէր մը կը յառաջացնէ։ Հայոց նման փոքր ժողովուրդներու պարագային սա կարեւոր խնդիր մըն է՝մանաւանդ, որ մեր ժողովուրդի ստուար մէկ զանգուածը սփիւռքացած պայմաններու  ներքեւ կ՚ապրի։Նիւթապաշտ, ժամանակաւոր  արժէքներու հետամուտ ընթացքները, դժբախտաբար, անհատներն ու հաւաքանակութիւններըկը հեռացնեն Աստուծմէ, հաւատքէ եւ բարոյական արժէքներէ։ Հայոց պարագային սա խնդիրները կը բազմապատկէ։  Որովհետեւ  հայու Աստուծմէ հեռացումը կը նշանակէ Հայ Եկեղեցիէ հեռացում։ Իսկ Հայ Եկեղեցիէ հեռանալու, կտրուելու պարագային հայը դժուար թէ կարողանայ գոյատեւել սեփական դիմագիծով, ազգային  նկարագիրով ու դժուար թէ կարողանայ սնուիլ այն արժէքներէն, որոնք հայը հայ կըդարձնեն։ Այս կէտին վրայ, անշուշտ, պէտք է ընդունիլ, որ լուծումը նոյնպէս բազմապատկուած ջանքեր կը պահանջէ։  Մէկ կողմէ  հայմարդը  պէտք է կամք ցուցաբերէ  հաւատարիմ մնալու համար իր ինքնութեան եւ մեր հայրերու լոյս հաւատքին, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր ուղղութեան փարոսը եղած է։ Միւս կողմէալ մեր Եկեղեցին նոր ժամանակներու ոգիին եւ նոր մարտահրաւէրներուն համահունչ ձեւով պէտք է վերափոխէ իրառաքելութիւնը, պէտք է համապատասխան ձեւով վերաբանաձեւէ  իր  պատգամը, որպէսզի կարողանայ ձգողականութիւնը բարձրացնել  յաչս իր հօտի:

Հարցազրույցը՝ ԿԱՐԻՆԵ ՍԱՐԳՍՅԱՆԻ

Spread the love