Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյությունը, վտանգված է Հայաստանի ամբողջականությունն ու նույնիսկ անկախությունը. Արամ Ա

Ճգնաժամի մեջ է մեր ազգը։ Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյությունը։ Վտանգված է Հայաստանի հողային ամբողջականությունը ու նույնիսկ անկախությունը։ Լուրջ մարտահրավերների դիմաց կգտնվի մեր պահանջատիրությունը: Այս մասին ասվում է Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսի ապրիլքսանչորսյան ուղերձում:

«Համահայկական խնդիրներու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համահայկական մաշտապով խորհրդակցութիւն ու գործակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը՝ Ազգային խորհուրդի մը ծիրէն ներս, կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն»։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Կիրակի, Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Պուրճ Համուտէն քայլարշաւով Մայրավանք հաւաքուած մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն ներկայութեան, Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ հաստատումները կատարելով.-

«Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւն»։

Ապա, Վեհափառը աւելցուց ըսելով, թէ իր կատարած հաստատումները «տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուրուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն թելադրուող խորապէս մտահոգիչ իրականութիւններ են, որոնց նկատմամբ իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու եւ լուռ մնալու։ Արդ, հարկ է ըլլալ արթուն ու մանաւանդ՝ միակամ, եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան վտանգող մօտեցումները ու քայլերը»։

Վեհափառ Հայրապետը վեց կէտերու մէջ ամփոփելով իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները, միասնականութեան ու արթնութեան հետեւեալ կոչը ուղղեց համայն հայութեան.

«Առաջին, հարկ է համախմբուիլ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն, շահերուն ու արժէքներուն շուրջ, ինչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները եւ մեզ շրջապատող վտանգները։ Հայութիւն ու Հայաստան պէտք է դաւանիլ ամէն բանէ վե՛ր՝ ոչ թէ սոսկ խօսքով, այլ գործով ու ամբողջական յանձնառութեամբ։ Արդարեւ, լոզունքներ կրկնելով ու զիրար անգոսնելով կարելի չէ իրաւունք պաշտպանել, հայրենիք կառուցել ու պետութիւն հզօրացնել։ Հարկ է ազգին ողջ մարդուժը եւ ներուժը համախմբել ու գործի մղել՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, մեզ շրջապատող տագնապներուն դիմաց ու ապագայի տեսլականներուն շուրջ։

«Երկրորդ, հարկ է մերժել որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր, ներսէն թէ դուրսէն, որ կրնայ վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը։ Գիտե՛նք, աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ մեզի չեն։ Տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. սակայն՝ ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի անվտանգութեան, հողային ամբողջականութեան ու անկախութեան. ո՛չ զիջումներ միայն կատարելով եւ թոյլ դիրքերէ բանակցելով։ Կը յուսանք, որ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, տարածաշրջանէն ներս Հայաստանը կը նկատէ, փոխադարձ ամուր վստահութեան ու սերտ բարեկամութեան վրայ հիմնուած իր մնայուն ու վստահելի դաշնակիցը։ Նաեւ կը յուսանք, որ Հայաստանի նո՛յն գործընկերը եւ Հայաստանի անմիջական դրացիները կʼանդրադառնան թէ՝ տկար Հայաստանի մը դիմաց զօրեղ Ազրպէյճան մը, եթէ ոչ այսօր, վաղը անպայման փորձանք կրնայ դառնալ ողջ տարածաշրջանին համար։ Ներկայ հանգրուանին, երբ Հայաստան տկար կացութեան մէջ կը գտնուի, զգոյշ պէտք է ըլլայ ստորագրելու այսպէս կոչուած խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր, որ յետագային կրնայ աղիտալի դառնալ Հայաստանին համար։ Բոլոր պայմաններուն մէջ հարկ է հեռու մնալ պարտուողական մօտեցումներէ եւ մեր իրաւունքներէն նահանջելէ։ Հայաստանը ինքնահզօրացման ազդու միջոցներու պէտք է դիմէ այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜յշ ըլլալ։ Կենսական է միաժամանակ, որ Հայաստանը միշտ հետամուտ ըլլայ ընդլայնելու ծիրը իր ռազմավարական գործընկերներուն՝ բնականաբար մեկնելով իր ազգային շահերէն եւ աշխարհաքաղաքական տուեալ պայմաններէն։ Անհրաժեշտ է որ ազգին երկու թեւերը, Հայաստանը եւ Սփիւռքը, տարբեր շեշտաւորումներով հաւաքական նո՛յն մօտեցումը ունենան ու կեցուածքը որդեգրեն Հայաստանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներու ու տագնապներու գծով։

«Երրորդ, հարկ է քաջութիւնը ունենալ, եւ Արցախի ժողովուրդը ունի՛ այդ քաջութիւնը, մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կրնայ սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ առնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը։ Ժողովուրդին կամքը գերիվեր է բոլոր նկատումներէ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի անտեսելու իր պատմական հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, որ յստակօրէն ընդգծուած է մարդկային իրաւանց հռչակագրին մէջ։ Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ կարելի չէ զայն սակարկութեան նիւթ դարձնել։ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը օրինական ճամբով արտայայտած է. եւ վերջակէտ։ Կʼանդրադառնա՞նք արդեօք, որ Արցախի անկախութեան կորուստը պիտի վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնը ու նաեւ անկախութիւնը։ Արդ, հաւաքական ամուր կեցուածքով պէտք է դիմագրաւենք “զիջում կամ պատերազմ” լոզունքներով վախի ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձերը։ Արցախի ժողովուրդը իրաւունքը ունի անտեղիտալի վճռակամութեամբ պաշտպանելու երեսուն տարիներէ ի վեր արեան գնով հաստատած իր անկախութիւնը՝ ի պահանջել հարկին դիմելով ազգային դիմադրութեան։ Եթէ մեր կեանքի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին չկարենանք ժողովրդային ընդվզում, քաղաքական ամուր կամք ու մարտունակ դիւանագիտութիւն ցուցաբերել, այսօր Արցախը, վաղը Հայաստանը կրնան ուղղուիլ դէպի անդունդ։ Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, պի՛նդ կեցիր Արցախի հայութիւն. մենք քեզի հետ ենք։

«Չորրորդ, վերջին շրջանին դարձեալ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան բնականոնացման մասին եւ նախնական որոշ քայլեր սկսած են առնուիլ այս ուղղութեամբ։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները կʼողջունեն այս երեւոյթը, եւ արեւմտեան պետութիւնները դրական կը նկատեն զայն։ Վստահ ենք, որ նահատակներու արիւնը կրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հարազատ կեցուածքին թարգմանը կʼըլլանք կարեւորութեամբ յիշեցնելով՝ թէ Մեզի համար անընդունելի է որեւէ քայլ, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութեան պատմական, իրաւական ու քաղաքական հիմքերը։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը։ Թուրքիա-Ազրպէյճան սերտ գործակցութեամբ նոր համաթուրանիզմ մը սկսած է ձեւաւորուիլ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհէն ներս։ Արդարեւ, վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ յատկապէս Հայաստանի ուղղութեամբ։ Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը շրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատուած տեսնելու յոյսէն եւ տնտեսական շահերէ մղուած կʼուզէ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակել Թուրքիոյ հետ, անհրաժեշտ է որ ի յառաջագունէ յստակօրէն ճշդէ իր յարաբերութեան բնոյթն ու սահմանները՝ հաւատարիմ մնալով Հայաստանի սահմանադրութեան հիմքը կազմող անկախութեան հռչակագրին, ինչպէս նաեւ 100-ամեակի հռչակագրին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման գծով շեշտուած Հայաստանի պետութեան յանձնառութեան։ Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջքը պէտք է մնայուն տեղ գրաւէ Հայաստանի պետութեան օրակարգին մէջ։

«Հինգերորդ, հարկ է որ մեր պահանջատիրական պայքարը նոր շեշտ ու ծաւալ ստանայ՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Թուրքիան, պետութեան լայն կարելիութիւններու օգտագործումով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպ կերպով կը շարունակէ՝ արեւմտեան համալսարաններէն ներս թրքագիտութեան ամպիոններ հաստատելով, հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տեղեկատուական կեդրոններ հիմնելով եւ այլ միջոցներով։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ հայ դատի մարմինները, աշխատանքի բաժանումով ու ներդաշնակ գործակցութեամբ առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նուիրական դատը։ Սա համազգային պարտաւորութիւն է։

«Վեցերորդ, յաճախ յիշեցուցած ենք, որ ազգին ու հայրենիքին ճգնաժամային պահերը հրամայական է որ դիմագրաւենք միա՛սնաբար։ Արդարեւ, Արցախի կարգավիճակին, Հայաստանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան առնչուած եւ ողջ հայութեան համար ճակատագրական նկատուող հիմնահարցերու գծով, Հայաստանի իշխանութիւնը պարտաւոր պէտք է զգայ հաւաքական գործընթացով ու համահայկական մասնակցութեամբ որոշումներ գոյացնելու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան հետ միատեղ։ Այս ծիրէն ներս էական է քաղաքական ու յարաբերական հարուստ կենսափորձ ունեցող Սփիւռքի դերը։ Հետեւաբար, Սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կը նկատենք կարեւոր ու անյետաձգելի։ Կը կրկնենք. համահայկական խնդիրներու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համահայկական մաշտապով խորհրդակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը՝ Ազգային Խորհուրդի մը ճամբով, հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ա՛յս է ազգն ու հայրենիքը բարգաւաճման ու հզօրութեան առաջնորդող ապահով ճամբան»։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնելէ ետք այն բոլոր երկիրներուն, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումին ու սպառնալիքին, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշեցուց Թուրքիոյ, թէ «Ապրիլ 24-ը մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու օր է բոլոր անոնց, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ նոյնիսկ սպառնալիքներուն, պաշտօնապէս ճանչցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Ապրիլ 24-ը նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու օր է, թէ ինք կոչուած է, որպէս սրբազան պարտաւորութիւն, վառ պահելու ջահը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։ Ապրիլ 24-ը յիշեցնելու օր է մանաւանդ Թուրքիոյ, թէ 107 տարիներ հայ ժողովուրդին զաւակները աշխարհի բոլոր ծագերուն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները պահանջեցին եւ պիտի շարունակեն պահանջել՝ վերանորոգ վճռակամութեամբ ու աննահանջ ոգիով»,-ասվում է կաթողիկոսի խոսքում։

Spread the love