Մեր զրուցակիցն է Թուրքիայում լույս տեսնող «Փարոս» պարբերականի Արտօնատէրեւ Հրատարակութեան պատասխանատու՝ Մայտա Սարիսը:
–«Փարոս» պարբերաթերթը մշակութային բովանդակութեամբ պարբերաթերթ մըն է, որ հիմնուած 2011ին, ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութեան զգացումով՝ իմ՝Մայտա Սարիս, նաեւ ընկերուհիներ՝ Թալին Էթեմեզի եւ Էլէնքա Չատըրճըօղլուի կողմէ։ «Փարոս» –ը այն միակ պարբերաթերթն է որ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ հաւաքականութեան բազմամշակոյթ ապրելակերպը կը վաւերագրէ։
Բացի ատկէ, մեր պարբերաթերթը երեք կիներու միասնութեամբ հիմնուած եւ վարչական ամբողջ կազմը իգական սեռերէ բաղկացեալ Թուրքիոյ փոքրամասնական առաջին պարբերաթերթը ըլլալու մասնայատկութիւնը կը կրէ։
Մեր ապրած հողերը մշակոյթի մը գանձարանը կը բովանդակեն։ Ցարդ չյայտնաբերուած բազմաթիւ նիւթեր եւ անձեր կան, որոնք կը սպասեն լոյս աշխարհ գալու։ Մենք ալ արուեստի աշխարհի բնագաւառէն ներս մեր ուսումնասիրութիւնները կը կատարենք, թաքուն մնացած արժէքները մեր հարցազրոյցներով կեանքի կոչելու համար։ «Փարոս» –ը ահաւասիկ ծածուկ մնացածը ցոյց տալու, անծանօթ մնացածին լոյս սփռելու գաղափարէն ճամբայ ելլելով, մեր զարգացուցած ծրագիրն է։
Իսկ թրքերէնով հրատարակելու պատճառն ալ այն է որ կ՝ուզենք հայոց մշակոյթը ծանօթացնել ո’չ միայն հայերու, այլ Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր հաւաքականութիւններու։ Բացի ատկէ, ի՜նչ մեղք որ մեր օրերու հայ երիտասարդութիւնն ալ կը նախընտրէ թրքերէն կարդալ։ Նոյնիսկ կան հայեր, որոնք հայերէն չեն գիտեր։ Ուստի թրքերէն հրատարակութիւնները աւելի մեծաթիւ անձերու կը հասնին եւ մեր երկրին մէջ հայ մշակոյթի ծանօթացման կը նպաստեն։ Եթէ հայերէնով հրատարակէինք մեր պարբերաթերթը, ատիկա շատ նեղ շրջանակի մը ապրանքը պիտի ըլլար։ Յիշեցնենք որ արդէն հայերէն թերթեր ալ ունինք։ Օրինակ՝ ես «Ակօս» թերթին մէջ Հրանդ Տինքի եւ Էթիէն Մահչուպեանի հետ տասը տարի մեր հաւաքականութեան ծառայեցի որպէս հրատարակութեան պատասխանատու։
Ներկայիս, 12 տարիէ ի վեր որպէս ամսաթերթիս հիմնադիրը, կը ջանամ հայ հաւաքականութեան ընկերային, մշակութային, արուեստի կեանքը փաստագրելով տեսանելի դարձնել։ Մենք մարդոց հրամցուցինք ծածուկ մնացած բազմաթիւ նիւթերը ձեռք բերելու տարբեր մտածողութիւն մը։Մենք մեր պատմութեան-պրպտումի, մշակոյթի-արուեստի էջերուն մէջ տեղ կուտանք փաստաթուղթերու արժէքով գրութիւններու եւ յօդուածներու, որոնք կրնան որպէս աղբիւր ծառայել ակադեմականներու եւ ուսումնասիրողներու։
-Ինչքանո՞վէ հայ- թուրքական հարաբերությունների կարգավորումը այսօր կարեւոր թուրքական իշխանությունների համար։
-Նկատի առնելով, որ մենք մշակոյթի ծառայող պարբերաթերթ մըն ենք, քաղաքական նիւթեր յաճախ չենք մշակեր։ Միայն թէ կրնամ սա իրողութիւնը շեշտել որ ընդհանուր առմամբ, իր դրացիներուն հետ բազմաթիւ հարցեր ունեցող Թուրքիա մը կայ մէջտեղը։ Ուստի քաղաքագէտներ կ՝ուզեն հարցերը լուծել այլեւս, այդ երկիրներէն մէկը ըլլայ Հայաստան, կամ ըլլան այլ երկիրներ։ Այս մտածողութեամբ, բնականաբար կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատումը։
-Ըստ Ձեզ Թուրքիայի իշխանություններն ազնի՞վ են հայ ժողովրդի հետ բարեկամություն անելուն միտված հայտարարություններում:
-Նկատի առնելով որ քաղաքականութիւնը շատ շարժուն եւ յարափոփոխ ասպարէզ մըն է, քաղաքագէտներու նիւթին շուրջ կանխատեսում մը ընել դիւրին պիտի չըլլայ։ Ժամանակն է , որ ցոյց պիտի տայ ատիկա։
Կան այդպիսի հայեր, բայց դժբախտաբար անոնց թիւը շատ քիչ է։ Խորհրդարանի մէջ կան երկու երեսփոխան հայեր։ Կարգ մը քաղաքապետարաններու մէջ ալ 1 – 2 հայ խորհրդականներ պաշտօն կը վարեն։
-Ի՞նչպիսին են տեղի հայերի եւ թուրքերի փոխհարաբերություններն առհասարակ։
-Եթէ մէկ կողմ թողունք քաղաքականութիւնը, Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներն ընդհանուր իմաստով, չափազանց լաւ յարաբերութիւններ կը հաստատեն, լաւ կը վերաբերուին իրարու հետ։ Այստեղ ապրող հայաստանցիներն ալ որեւէ հարց չունին։
Մենք որպէս «Փարոս» պարբերաթերթ, միաժամանակ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային գետնի վրայ կամուրջ մը կը ներկայացնենք։ Դէպի Հայաստան, մշակութային պտոյտներ կը կազմակերպենք եւ մեր այդ պտոյտներուն Թուրք ընկերներ ալ մասնակից կը դարձնենք։ Բոլորն ալ շատ գոհ կը մնան։Միւս կողմէ, Հայաստանէն բազմաթիւ նկարիչներ Իսթանպուլ կը հրաւիրենք եւ անոնց համար ցուցահանդէսներ կը սարքենք։ Մաթուլեան, Պետրոսեան, Պապումեան, Իսբիրեան, Շմաւոնեան, Լաչիկեան անուններով նկարիչներու ցուցահանդէսները Թուրքիոյ մէջ շատ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին։ Թուրքեր ալ այցելեցին այդ ցուցահանդէսները եւ նկարներ գնեցին։ Հայ նկարիչներն ալ ուրախ են որ Թուրքիոյ մէջ հաւաքածոյ կազմող անձերու կը հասնին իրենց գործերը։Կրնանք ուրեմն յայտնել որ «Փարոս» -ը մշակոյթ֊արուեստ բնագաւառէն ներս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կարեւոր կամուրջի մը դերը կը կատարէ։Թուրք եւ Հայ ժողովուրդները քաղաքագէտներէն աւելի հասուն մտածողութիւն ցոյց կուտան։ Կը յուսանք որ յետ այսու երկու կողմերու քաղաքագէտներն ալ ողջամտութեամբ կը վարուին։
Հարցազրույցը՝ Կարինե Սարգսյանի